00:00
03:05

Ահեղ ձայնս

Վահէ Բեգոյեան

ՀեղինակՍբ. Գրիգոր Նարեկացի, X դար
ՏիպՀոգեւոր
ԺանրՏաղ
ԿազմՄենակատար
Ձայնի տեսակԱրական
ՏեմպԴանդաղ
ՏրամադրութիւնՅանդիսաւոր

Աղբյուր

Կոմիտաս, Երկերու ժողովածոյ, հատ. VIII, ՀՀ ԳԱԱ «Գիտութիւն» հրատ., Երևան, 1998:

Մեղեդի/Խոսքեր

Տաղ` նուիրուած Սուրբ Խաչին: Միջնադարեան ձեռագրերուն մէջ գրուած է «տաղ Ի Սուրբ Խաչին» կամ «Այլ մեղեդի ի նոյն խորհուրդ Խաչին Քրիստոսի Աստուծոյ» կամ «Յարութեան»։ Տաղ հասկացութիւնը առհասարակ ունի լայն ըմբռնում եւ կը բացատրուի որպէս «չափաբերական բան, երգ ոտանաւոր, նուագելի քերթուած»։ Իսկ գանձարաններուն մէջ այդ բառը կը հասկցուի որպէս հոգեւոր երգի որոշ տեսակ մը, որ անկարելի է շփոթել գանձի, շարականի եւ որեւէ այլաբնոյթ ստեղծագործութեան հետ։ Այդ տաղերը սովորաբար փոքրածաւալ ու կուռ բանաստեղծութիւններ են՝ «Տէրունական ու սուրբերու տօներուն վերաբերող յատուկ երգեր», որոնք կ՚առնչուին համապատասխան գանձերու հետ:

Երգացանկ