00:00
02:35

Բարեխօսութեամբ

«Զարկ» արական երգչախումբ

ՏիպՀոգեւոր
ԺանրՍբ. Պատարագի երգ
ԿազմԽմբով
Ձայնի տեսակԱրական
ՏեմպՄիջին
ՏրամադրութիւնՅանդիսաւոր

Աղբյուր

Կոմիտաս, Երկերու ժողովածոյ, հատ. VII, Երևան, ՀՀԳԱԱ ԱՒ, «Անահիտ» հրատ., Երևան, 1997:

Մեղեդի/Խոսքեր

Հատուած Սուրբ Պատարագէն։ Կ՚երգուի Սուրբ Պատարագի ընթացքին՝ Աշխարհգալոցին, երբ պատարագիչը Սուրբ Խորանէն կ՚իջնէ եւ կ՚անցնի եկեղեցւոյ մէջ հաւաքուած հաւատացեալներու մէջէն։ Սուրբ Պատարագի այս պահը կը խորհրդանշէ Քրիստոսի աշխարհ գալուստը։ Պատարագը քրիստոնէական եկեղեցւոյ ծիսական կեդրոնական արարողութիւնն է։ Պատարագի արարողութեան հիմքը կը կազմէ Յիսուս Քրիստոսի նուիրաբերութեան (պատարագման) կամ զոհաբերութեան խորհուրդը։ Պատարագի ծիսական առանցքային պահը Ս. Հաղորդութիւնն է, երբ հաւատացեալները խորհրդաւոր կերպով կը հաղորդակցին, կը միաւորուին Քրիստոսի հետ, Անոր Մարմինն ու Արիւնը խորհրդանշող նշխարի ճաշակման միջոցով։

Երգացանկ