00:00
06:23

Աչքն ծով ի ծով

Վահէ Բեգոյեան

ՀեղինակՍբ. Գրիգոր Նարեկացի, X դար
ՏիպՀոգեւոր
ԺանրՏաղ
ԿազմՄենակատար
Ձայնի տեսակԱրական
ՏեմպԴանդաղ
ՏրամադրութիւնՅանդիսաւոր
Մեղեդի/Խոսքեր

Ձեռագիր մատեաններու մէջ նշուած է` «Տաղ եկեղեցւոյ, ի Գրիգորէ Նարեկացւոյ» կամ «Գովեստ եկեղեցւոյ սրբոյ Շողակաթին» կամ «Մեղեդի Ծննդեան, ի Գրիգորէ Նարեկացւոյ է»: Այս տաղը շատ ընդարձակ է, բայց պահպանուած երգի մէջ գործածուած է միայն երկու տողը, եւ այդ երկու տողը կ՚երգուի շատ լայնածաւալ ու ընդարձակ ձեւով: Տաղ հասկացութիւնը առհասարակ ունի լայն ըմբռնում եւ կը բացատրուի որպէս «չափաբերական բան, երգ ոտանաւոր, նուագելի քերթուած»։ Իսկ գանձարաններուն մէջ այդ բառը կը հասկցուի որպէս հոգեւոր երգի որոշ տեսակ մը, որ անկարելի է շփոթել գանձի, շարականի եւ որեւէ այլաբնոյթ ստեղծագործութեան հետ։ Այդ տաղերը սովորաբար փոքրածաւալ ու կուռ բանաստեղծութիւններ են՝ «Տէրունական ու սուրբերու տօներուն վերաբերող յատուկ երգեր», որոնք կ՚առնչուին համապատասխան գանձերու հետ։

Երգացանկ