Աղբյուր
Կոմիտաս, Երկերու ժողովածոյ, հատ. VII, ՀՀ ԳԱԱ «Անահիտ» հրատ., Երևան, 1997:
Մեղեդի/ԽոսքերԿիրակիներու, եկեղեցւոյ եւ հրեշտակապետաց տօներու սրբասացութիւնն է, կ՚երգուի Սուրբ Պատարագի ժամանակ։ Պատարագը քրիստոնէական եկեղեցւոյ ծիսական կեդրոնական արարողութիւնն է։ Պատարագի արարողութեան հիմքը կը կազմէ Յիսուս Քրիստոսի նուիրաբերութեան (պատարագման) կամ զոհաբերութեան խորհուրդը։ Պատարագի ծիսական առանցքային պահը Ս. Հաղորդութիւնն է, երբ հաւատացեալները խորհրդաւոր կերպով կը հաղորդակցին, կը միաւորուին Քրիստոսի հետ, Անոր Մարմինն ու Արիւնը խորհրդանշող նշխարի ճաշակման միջոցով։