Մեղեդի/ԽոսքերԱյս հրաշալի երգը ստեղծուած է 1915 թուականին՝ Եղեռնէն յետոյ։ Հայրենի երկիրը կորսնցուցած պապիկը իրաւունք ալ չունի վերադառնալու իր «Էրգիրը», ան մահացու կարօտին չդիմանալով կ՚երգէ իր թոռան ըսելով «Հելի, լաօ, էրթանք մըր էրգիր», կը նկարագրէ իր դրախտային «էրգիրը» եւ կը կարծէ, որ եթէ «Էրգիրը» չտեսած մահանայ, Աստուծոյ վերջին դատաստանին պարտական կը մնայ։